ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբի բարեսիրական նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ, Ս. Զատկուան առիթով խումբը այցելութիւն մը տուաւ Հայ ազգային բուժարան, նաեւ շրջագայեցաւ Լեռնալիբանանի կարգ մը զբօսավայրերուն մէջ:

Շեփորախումբը իր ուղեւորութեան սկսաւ առաւօտեան ժամը 8:30-ին` իբրեւ առաջին հանգրուան ունենալով Պէյթ Էլ Տինը, ուր պտտելէ ետք խումբին անդամները հնչեցուցին հայկական ու արաբական եղանակներ` ճոխ ու խանդավառ մթնոլորտ ստեղծելով, նաեւ հմայելով զբօսաշրջիկները:

Ապա խումբը ուղղուեցաւ Քասր Մուսա, ուր դիմաւորուեցաւ նոյնինքն Մուսայի կողմէ, որ բացատրութիւն տուաւ պալատի շինութեան եւ նպատակին մասին: Ան յատուկ կերպով շեշտեց, որ խոր յարգանք ու սէր կը տածէ հայ ժողովուրդին նկատմամբ եւ բարձր կը գնահատէ հայկական տաղանդները:

Մուսայի պալատին մէջ շրջագայելէ ետք շեփորախումբը դարձեալ նուագեց հայկական եւ արաբական եղանակներ` ապշեցնելով տեղացի եւ օտար զբօսաշրջիկները: Յատուկ կերպով գնահատուեցաւ քառաձայն դաշնաւորումով մշակուած լիբանանեան քայլերգին մեկնաբանութիւնը: Այս առիթով Մուսա ըսաւ. «Կեանքիս մէջ առաջին անգամ ըլլալով է, որ կը լսեմ լիբանանեան քայլերգը այսքան անոյշ կը հնչէ»:

Մուսայի պալատէն շեփորախումբը ուղղուեցաւ դէպի Արզ Պարուք, ուր խանդավառ մթնոլորտ ստեղծուեցաւ` զանազան խաղերով, ճոխ հիւրասիրութեամբ եւ հաւկթամարտով:

Ապա ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբի անդամները իրենց բուն նպատակի իրագործման համար ուղղուեցան Հայ ազգային բուժարան` հոն գտնուող մամիկներուն ու պապիկներուն յայտնելով, որ անոնք առանձին չեն, այլ կան իրենց մասին մտածողներ, որոնք պատրաստ են  ժամանակ տրամադրելու երէց սերունդին: Շեփորախումբի անդամները այցելեցին իւրաքանչիւր ծերունիի` շնորհաւորելով Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան տօնը եւ փոխարէնը ստանալով ծերունիներուն օրհնութիւնները: Շեփորախումբի անդամները իրենց հետ տարած էին նաեւ զատկուան խմորեղէն եւ այլ հիւրասիրութիւն` տօնական մթնոլորտ փոխանցելու նպատակով:

ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբը լաւապէս կը գիտակցի «Բարձրացիր-բարձրացուր» նշանաբանին մէջ ամփոփուած խոր իմաստին ու պատգամին. արդարեւ, այս այցելութեամբ  անոնք բարձրացուցին հոն գտնուող ծերունիներուն տրամադրութիւնը` միաժամանակ բարձրանալով ծերունիներէն ստացած գնահատականներով եւ մաղթանքներով…