Երէկ տեղի ունեցաւ Ազունիէի Հայ ազգային բուժարանի գլխաւոր շէնքի մուտքի բաժինին եւ սրահին բացումը: Սրահին եւ յարակից բաժիններուն շինութեան նուիրատուութիւնը կատարած է բարերար Բիւզանդ Գէորգեան:

Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. դոկտ. Մկրտիչ Գարակէօզեան եւ Ազունիէի Հայ ազգային բուժարանի հոգաբարձութեան անդամները:

Բարերար Բիւզանդ Գէորգեանի փափաքով սրահը կոչուեցաւ իր եղբօր` Մանաս Գէորգեանի անունով: Այս առիթով Արամ Ա. կաթողիկոս Բիւզանդ Գէորգեանը պարգեւատրեց «Կիլիկեան ասպետ»-ի շքանշանով: